Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւերով Բենեդիկտեան միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորին՝ աբբայահայր Գրէգորի Պոլանի, 21 Յունիս Երկուշաբթի օր միջեկեղեցական հանդիպում տեղի ունեցաւ Հռոմի Սբ․ Անսելմ Քենթրբերցիի Բենեդիկտեան վանքին մէջ, որ նաեւ միաբանութեան առաջնորդի նստավայրն է։ Ճանաչողական այս հանդիպման մասնակցեցան կաթողիկէ, հայ, անգլիկան, մեթոտիստական եւ լուտերական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Հանդիպումը սկսաւ միջեկեղեցական աղօթքով եւ ապա՝ շատ մտերիմ մթնոլորտի մէջ շարունակուեց Մեծաւոր Հոր գրասենեակին մէջ, ուր մասնակից հոգեւորականներ պատեհութիւնը ունեցան իրար աւելի մօտ ճանչնալու։
Այս առաջին փորձէն ետք միաձայն առաջարկուեցաւ պարբերաբար նման հանդիպումներ ունենալ՝ փոխադարձ ճանաչումը եւ գործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով։ Հերթական հանդիպումը նախատեսուած է անցկացնել աշնանը՝ այս անգամ ներգրավելով նաեւ Իտալիոյ մէջ ծառայող Ուղղափառ Եկեղեցիներու առաջնորդներուն։
Հանդիպման ավարտին բոլորը միասին ճաշեցին վանքի ճաշասրահին մէջ։