Դեկտեմբեր 14-ին հրաւէրով Վարսավիոյ նորանշանակ արքեպիսկոպոս Ատրիան Ժօզէֆ Կալպասի Խաժակ Արք. Պարսամեան՝ Մարկոս Եպս. Յովհաննէսեանի (Լեհաստանի եւ Ուկրանիոյ թեմի Առաջնորդ), ՀՀ Լեհաստանի մօտ դեսպան Ալեքսանդր Արզումանեանի, ՀՀ Լեհաստանի մօտ պատուոյ հիւպատոս եւ Լեհահայ համայնքի ղեկավար Հրաչեայ Պօյաճեանի եւ Լեհաստանի հոգեւոր հովիւ Մինաս Աբղ. Հախվերտեանի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցաւ իր գահակալութեան արարողութեան Վարսավիոյ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Մայր Տաճարի մէջ։
Արարողութեան վերջաւորութեան Խաժակ Սրբազան առիթ ունեցաւ ողջունելու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի ապձնական քարտուղար եւ Գրակով քաղաքի նախկին արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ստանիսլավ Ճիվիշի (որուն հետ միատեղ Վատիկան գտնուած միջոցին համագործակցած էին)։