ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ

Եպիսկոպոսներու Սինոդի 16-րդ Ընդհանուր Վեհաժողովը Վատիկանի մէջ

Հոկտեմբեր 4-ին Վատիկանի մէջ մեկնարկած է Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր վեհաժողովի առաջին նիստը, որ պիտի աւարտի հոկտեմբեր 29-ին, իսկ երկրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականին:

Այս տարի առաջին անգամ վեհաժողովին կը մասնակցին ոչ միայն եպիսկոպոսներ, այլ նաեւ աշխարհիկ մարդիկ՝ տղամարդիկ եւ կանայք: Այս վեհաժողովին երեք առաջնահերթ թեմաներն են՝ «Հաղորդութիւն, Մասնակցութիւն եւ Առաքելութիւն»:

Եպիսկոպոսներու սինոդին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը մասնակցի Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան:

Հոկտեմբեր 15-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է իր մտահոգութիւնը Արցախի մասին. «Ես տակաւին մտահոգուած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ճգնաժամին պատճառով: Բացի տեղահանուած բնակչութեան վիճակէն, որ լուրջ է, ես կը ցանկանամ յատուկ կոչ ընել ի նպաստ տարածաշրջանի վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան: Յոյսով եմ, որ բոլոր բնակիչները իշխանութիւններէն սկսած, ատոնք կը յարգեն եւ կը պաշտպանեն, որպէս մշակոյթի եւ տեղական մշակոյթէն մաս մը` հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ հնարաւոր կը դարձնէ տարբերութիւններու մէջ միասին ապրիլը»:

Եպիսկոպոսներու սինոդի 16-րդ ընդհանուր վեհաժողովի մասնակիցները նամակ ուղղած են քրիստոնեայ աշխարհին շնորհակալութիւն յայտնելով նման փորձառութեան համար եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած վերջին շաբաթներու աշխատանքներէն. «Իր խորաթափանցութեան մէջ առաջդիմելու համար Եկեղեցին պէտք է լսէ բոլորին անխտիր` սկսած ամենաաղքատներէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է լսել այն մարդոց որոնք հասարակութեան մէջ զրկուած են խօսելու իրաւունքէն կամ՝ մեկուսացուած կը զգան նոյնիսկ Եկեղեցւոյ կողմէ»: